.
«Քրիստոսի Ծննդյան Նշանակությունը»: ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿՅԱՆ

Ամէն տարի միլիոնաւոր մանուկներ կը ծնին այս աշխարհի մէջ: Անոնց ծնունդը կրնայ նշանակալից ըլլալ իրենց ընտանեկան պարագաներուն: Իսկ եթէ ծնող մանուկը անուանի ընտանիքի մը զաւակն է՝ անոր ծնունդը քիչ մը աւելի նշանակալից կը հանդիսանայ իր ընտանիքին, շրջապատին եւ գուցէ իր ազգին համար:

Քսան դարեր առաջ Հռովմէական Կայսրութեան մէկ համեստ երկրամասին՝ Հրէաստանի մէջ, աննշան աւանի մը՝ Բեթլեհէմի մէջ, եւ անհիւրընկալ ախոռի մէջ ծնաւ մանկիկ մը, որուն ծնունդին նշանակութիւնը սակայն ոչ միայն մէկ վայրի, մէկ երկրի եւ մէկ ազգութեան, այլ համայն մարդկութեան սեփականութիւնը դարձաւ:

Ո՞վ էր այս աննման մանուկը, որուն ծնունդին մասին խօսած ատեն՝ մարդիկ բնորոշած են զայն գլխագիր սկզբնատառով մը եւ որոշիչ յօդով մը, զայն կոչելով Ծնունդը:

Այդ Մանկիկը Յիսուս Քրիստոսն էր, որուն համայնական եւ տիեզերական տարողութիւն եւ նշանակութիւն ունեցող հրաշափառ Ծնունդը՝ քաղաքակիրթ աշխարհի տոմարին սկզբնակէտը դարձաւ, եւ որմէ ետք սկսաւ համրուիլ ամէն ծնող երախայի տարիներուն թիւը:

Յիսուս կոչուեցաւ Ան, որ կը նշանակէ Փրկիչ: Փրկիչ ըլլալու համար ծնաւ Ան, որպէս զի մեղաւոր մարդկութիւնը փրկէր իրենց մեղքերէն:

«Էմմանուէլ» կոչուեցաւ Ան, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ»: Այո՛, Աստուած էր Ան, որ մարմնացաւ, մարդացաւ եւ մարդոց հետ ապրեցաւ: Ան որ հոգեւորապէս հարուստ էր՝ կամովին «աղքատացաւ», որպէս զի Անոր «աղքատութիւն»ով մարդկութիւնը «հարստանայ»: 

Անոր մէջ եւ անոր միջոցով էր, որ տիեզերքի Արարիչն ու Պահպանիչը աշխարհ կ’այցելէր, որպէս զի մեղքի խաւարին մէջ խարխափող մարդկութիւնը Լուսոյ Աղբիւրին, Իրեն բերէր եւ իրեն հետ հաշտեցնէր: Ահա այդ պատճառով էր, որ Ղուկաս աւետարանիչ, կը գրէր. «Ծագող Արեգակը Երկինքէն մեզի այցելութեան եկաւ՝ խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու, որպէս զի մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղուկաս Ա. 78-79):

Հարցը սակայն սա է. Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար՝ 21-րդ դարու մեր օրերուն:

Երկու հազար տարիներ առաջ այն Աստուածը, որ Յիսուս Քրիստոսով մարդոց այցելեց կատարեալ ընդունելութեան չարժանացաւ: Յովհաննէս Աւետարանիչ իրաւամբ կը գրէ. «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին: Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով» (Յովհ. Ա. 11-12):

Այսօր ալ, իւրաքանչիւր անհատ հարց տալու է ինքնիրեն, «ընդունա՞ծ եմ զայն, թէ մերժա՞ծ»: Ա՛յս է կենսական հարցը: Այլապէս, անիմաստ է Անոր Ծնունդը տօնել գոյնզգոյն զարդարանքներով եւ խրախջանքներով: Անիմաստ է նոյնիսկ ոգեկոչել Անոր Ծնունդը կրօնական ծեսերով եւ արարողութիւններով եթէ իրօք զԱյն ընդունած չենք: Անոր Ծնունդը ճշմարտապէս տօնելու համար անհրաժեշտ է որ Ան դառնայ մեր «Սքանչելի Խորհրդակիցը, Հզօր Աստուածը, 3աւիտենականութեան Հայրը եւ Խաղաղութեան Իշխան»ը:

Արդ, Ս. Ծննդեան այս օրհնեալ եղանակին, թող Աստուասծ երկնային շնորհք եւ աստուածային իմաստութիւն տայ մեզի մեր սրտերը «հոգեւոր Բեթլեհէմ դարձնելու, որպէս զի Ան մեր սրտերուն մէջ ծնունդ առնէ եւ դառնայ մեր կեանքերուն «Էմմանուէլ»ը. 

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս»:

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Գործադիր Տնօրէն՝ Հայ Աւետարանական
Համաշխարհային Խորհուրդի