.
Ուղերձ Հայաստանյայց Ավետարանական եկեղեցու 170-ամյակի առիթով

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ուշագրաւ է բարեկարգեալ Աստուծաբանութեամբ ծնունդ առած Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին (ՀԱԵ) վերջին 170 տարիներուն:

            Արդ, 1846-էն ասդին ՀԱԵ-ն հաւատքի կատարեալ համոզումով, անսակարկ նուիրումով և նպատակասլաց կը ծառայէ հայ ժողովուրդին, սկսած արեւմտեան Հայաստանէն մինչեւ երկրի չորս ծայրերը:

            Երբ ուշադիր ակնարկ մը նետենք ՀԱԵ-ի պատմութեան և ծանօթանանք ՀԱԵ-ի գործունէութիւններուն, յստակ պիտի տեսնենք երկու ուղղութեամբ տարոած աշխատանքներ.

Ա.      Աստուծոյ Խօսքին կարեւորութիւնը և ուսուցումը առաջնակարգ նախապատուութեամբ սորվեցնել ժողովուրդին և ուշադիր հսկել Աստւածաշունչի քրիստոնէական դաստիարակութեան սերունդէ սերունդ: Նորակազմ եկեղեցիի առաջին գլխաւոր նոաճումը եղած է Աստւածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդը մատչելի ունենայ իր ձեռքերուն մէջ, իր հասկցած հայերէնով, որպէսզի կարենայ կարդալ ու հասկնալ, որպէսզի կարենայ հասկնալ ու հաւատալ և որպէսզի հաւատայ ու փրկուի:

Բ.        ՀԱԵ առաջին օրէն որդեգրած է կրթա-աւետարանչական առաքելութիւն հայ ժողովուրդին մէջ: Զարմանալի չէ, որ ՀԱԵ իր առաջին օրէն և մինչեւ վերջերս հսկայական զոհողութիւններով վարժարան կը հիմնէ իւրաքանչիւր ՀԱԵ-ի շրջափակէն ներս: Քրիստոսի միտքը ունենալու և Քրիստոսի սէրը իր շուրջիններուն ցոլացնելու համար գիտութիւն ամբարելը, ուսման բարձր մակարդակներու հասնելու հնարաւորութիւններ ստեղծելը ՀԱԵ-ի հրամայականն էին տարիներէ ի վեր:

Վերոյիշեալ երկու առաքելութիւններէն անկախ տակաւին ՀԱԵ-ն իր նպաստը բերած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Պետքն ու անհրաժեշտութիւնը նկատի առնելով ՀԱԵ-ի առաջնորդներ եւ պատուելիներ ոչ թէ միայն ազատագրական աշխատանքներու մասնակցած են, այլ նաեւ առաջնորդի դեր կատարած են: Այսօ՛ր ալ ՀԱԵ-ն Հայաստանի եւ Արցախի բանակին կողքին է ամէն տեսակով նեցուկ կանգնելու հայ հողերը պաշտպանելու նպատակով:

Մտաւորական աշխատանքներ տանելով ՀԱԵ իր համեստ բաժինով սատարած է հայ գրականութեան և մտքի զարգացման պատմոթեան մէջ:

Այսօր, ՀԱԵ-ն Աստուծոյ տեսիլքին և միեւնույն համոզումով, հաւատքով և նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ի փառս Աստուծոյ և ի բարեկարգութիւն և պայծառութիւն հայ ժողովուրդի:

 

Վեր. Մգրդիչ Մելքոնեան

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի աւագ հովիւ

Երեւան, Հայաստան

Ապրիլ 2016